
Կը հրաժարէի որպէսզի առիթ տամ ինծմէ աւելի արժանիներուն - Ընկեր Նազօ Ճերեճեան
Եթէ ես միութեան մը ատենապետն ըլլայի ու ձախողութիւններ արձանագրէի, կը հրաժարէի։
Եթէ ներքին գործոց նախարար ըլլայի ու նավահանգիստի պայթումին քաշքշուքը 4 տարի պիտի տեւէր՝ կը հրաժարէի։
Եթէ ես դպրոցի տնօրէն ըլլայի ու պետական քննութիւններուն աշակերտներուս մեծ մասը ցախողէր՝ կը հրաժարէի
Ընկեր » Նազօ Ճերէճեան իր » ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է
ԵՐԿՈՒ 14 ՕԳՈՍՏՈՍՆԵՐՈՒՆ 28 ԶՈՀ
Ներող գտնուեցէք եթէ մէկուն անզգուշաբար նեղացնեմ:
14 Օգոստոս 2022` Սուրմալույի պայթում՝ 17 զոհ, 62 վիրաւոր (տուժած)։
14 Օգոստոս 2023` ավտովթար Կիւմրիի ճամբուն վրայ՝ 11 զոհ, 6 վիրաւոր։
Տակաւին չենք խօսիր Ազատ գիւղի 15 այրած զինծառայողներուն մասին, ամենօրեայ սովորական արկածներուն պատճառած զոհերուն եւ վնասներուն մասին: Փոքր ազգի մը համար ասոնք մե՜ծ շատ մե՜ծ թիւեր են։
Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ ալ մօտաւորապէս նոյնն է պարագան։ Պատճա՞ռը «էհմալութիւն»ն է, («իհմէլ» արաբերէն բառ մը` կը նշանակէ «անտեսել»)։
Չեմ զգար որ ամէն մէկ հայրենակցի (քաղաքացու) կեանքը կարեւոր նշանակութիւն ունի պետութեան քով։ «էհմալութիւնն» գլուխ առեր կ'երթայ։ Օրէնք կայ, սակայն միայն 40 օրուայ համար է, անկից վերջ հետապնդող չկայ կամ ալ եթէ կայ՝ ԽԾԲ-ական ապահովագրութեամբ է, Լիբանանի մէջ ալ՝ համայնքային cover-ով։
Եթէ ես հաստատութեան մը ղեկավարն ըլլայի ու այն ալ մեծ կորուստ մը արձանագրեր նոյնիսկ ոչ իմ անմիջական պատճառով, անմիջապէս կը հրաժարէի։
Եթէ ես միութեան մը ատենապետն ըլլայի ու ձախողութիւններ արձանագրէի, կը հրաժարէի։
Եթէ ներքին գործոց նախարար ըլլայի ու նավահանգիստի պայթումին քաշքշուքը 4 տարի պիտի տեւէր՝ կը հրաժարէի։
Եթէ ես դպրոցի տնօրէն ըլլայի ու պետական քննութիւններուն աշակերտներուս մեծ մասը ցախողէր՝ կը հրաժարէի։
Եթէ իմ պաշտօնավարութեանս շրջանին 2 տարուան մէջ նոյն օրը 28 քաղաքացի անիմաստ ձեւով զոհուէր` կը հրաժարէի, քանի որ սխալ բան մը կայ հոս։ Բայց գիտէ՞ք ինչու չեն հրաժարիր (փառքէն եւ նիւթականէն բացի)։ Քանի որ վաղը ժողով կ'ընեն (live) եւ կը զեկուցեն իբր` «Անցեալ տարի մեր երկրին մէջ ինքնաշարժերու արկածներէն 300 հոգի մահացած է (ուշադի՛ր ճիբ ու ճիշտ 300, այսինքն օրինակ 297 կամ 304 չըլլար) սակայն առնուած ակտիվ քայլերով այս տարի այդ թիւը նուազած է 5%-ով (զոր-օրինակ) համեմատութեամբ...» եւ վերջ, ուրեմն յառաջդիմութիւն կայ, հարցը լուծուեցաւ։ Չեմ հասկնար, մի՞թէ կարելի է այսքան նախնադարեան ձեւով մտածել ու գործել: Մի՞թէ քաղաքացիին կեանքը այսքա՜ն աժան է: Մեծ թիւով նահատակ ունենալէ ետք ոչ թէ 300 այլ 30 թիւն անգամ սարսափելի է:
Կը հրաժարէի ոչ թէ որովհետեւ վախկոտ եմ եւ պատասխանատուութենէ կը խուսափիմ, այլ` որպէսզի առիթ տամ ինծմէ աւելի արժանիներուն զբաղեցնել այն աթոռը որուն վրայ նոյնիսկ պէտք չէ նստիլ այլ միայն ղեկավարել, մնալով ոտքի վրայ, ժողովուրդին քով, անոր հոգերով ու ցաւերով, անոր պէս։
Երկու 14 Օգոստոսներուն՝ 28 զոհ: Անգլերէնով՝ come on (լաւ էլի՜):